2011-05-01 09:30:00

Աստուծոյ Ծառայ` ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին Երանացման Սուրբ Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2011-ին՝ Մայիս մէկին, առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ  Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, կարդինալական դասի մասնակցութեամբ, նախագահեց Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբազան քահանայապետին Երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Ժամը 9ին, սկիզբ առին նախապատրաստական աղօթքները, որոնց առթիւ արտասանուեցաւ Լեհ Սրբուհի ֆաուսթինայի ''Յիսուս քեզի կը վստահիմ'' աղօթքը, որ շատ սիրելի էր երջանկայիշատակ Քահանայապետին։  Աղօթքը աղերս մըն է`հայցելու Աստուծոյ գթութիւնը եւ մեղքերու թողութիւնը։ 

Երանացումի սրբազան արարողութեան  իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 87 պաշտօնական պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին` 5 արքայական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ ,16 երկիրներու նախագահներ եւ  6 վարչապետներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով  կաթողիկէ եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիները ներկայացնող եկեղեցականներ ու նաեւ Իսլամ Կրօնքի ներկայացուցիչներ։

Պատարագը սկիզբ առաւ ժամը 10 ին, գլխաւորութեամբը  Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Պատարագի ընթացքին գործածուած սկիհը`  ՅՊԲ.ի գործածած սկիհներէն մին էր, ինչպէս նաեւ պատարագի շուրջառը։ 

Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը երանացումի հրամանագիրը կարդաց որմէ յետոյ Սուրբ Պետրոս Տաճարի ճակատին  դրուած ու քօղով ծածկուած Երջանկայիշատակ Քահանայապետի սրբանկարը (լուսանկարուած 1995-ին)  ի յայտ եկաւ, որոտընդոստ ծափողջոյններու ընկերականութեամբ։   

Արարողութեան հետեւեցան աւելի քան 2300 լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ՝ եկած աշխարհի 101 երկիրներէն, որոնց շարքին 1300 հեռատեսիլի կայաններ, 700 թերթեր, 230 լուսանկարիչներ  եւ 250 Ռատիոկայաններ։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին¬, Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արտասանեց հետեւեալ քարոզը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

վեց տարի առաջ կը գտնուէինք այս նոյն  հրապարակին վրայ, թաղման կարգը կատարելու Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։ Մեծ էր մեր ցաւը անոր կորուստին համար, սակայն միաժամանակ մեծ էր մեր մխիթարութիւնը, անթիւ, անհամար՝ հաւատացեալներու ամբոխի ներկայութեան համար։ Արդէն այդ օրը իսկ, անոր սրբութիւնը կը զգայինք, արգասիքը` անոր հերոսական կեանքին։ Աստուծոյ ժողովուրդը տարբեր կերպերով  իր յարգանքն ու բարեպաշտութիւնը յայտնեց ու արտայայտեց անոր նկատմամբ։

Այդ պատճառաւ ուզեցի անմիջապէս սկիզբ տալ  երանացման դատին  եւ ահա՝ այդ օրհնեալ օրը  այժմ հասաւ, շուտով հասաւ, որովհետեւ այսպէս հաճելի եղաւ Տիրոջ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ այժմ, Երանելիներու կարգին  դասուեցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց ''այս ուրախ  դէպքի առթիւ, աշխարհի չորս ծագերէն, մեծ թիւով Հռոմ ժամանողներուն'', կարդինալներ, Արեւելքէն պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, դեսպաններ եւ իշխանութիւններ, նուիրեալ անձինք եւ աշխարհականներ եւ ''բոլոր անոնք որ մեզի կը հետեւին ռատիոյի ու հեռուստատեսիլի միջոցաւ''։

Այս կիրակին, ըսաւ ապա Քահանայապետը, Յիսուսի Յարութեան Բ կիրակին է, որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը նուիրեց Աստուածային Ողորմութեան։ Այդ պատճառաւ է որ այս թուականը ընտրուեցաւ որպէս այս մեծ արարողութեան թուական։ Ան`արդարեւ, վախճանեցաւ այս մեծ տօնին նախօրեակին։ Այսօր նաեւ մայիս ամսուան առաջին օրն է,  Մայիս  ամիսը նուիրուած է Մարիամին եւ յիշատակն է Ս. Յովսէփ աշխատաւորին։ 

Այսօրուան Աւետարանին մէջ Յիսուս կ՛ըսէ ''երանի անոնց որոնք չտեսան եւ հաւատացին''։ Մենք համախմբուած ենք տօնախմբելու երանացում մը, որուն ընթացքին երանելի հռչակուեցաւ Քահանայապետ մը, Ս. Պետրոսին յաջորդը, որ կանչուած է` եղբայրները հաւատքի մէջ հաստատելու։ Յովհաննէս Պօղոս Բ, իր հաւատքին համար երանելի է։ Անոր երանացումը կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ շինութեան ու պայծառութեան համար - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ  - ապա յարեց ''սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր մեր աչքին կը ցոլայ Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին հետ միասին¬, սիրեցեալ ու պատուական դէմքը` երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի։ Այսօր անոր անունը կ՛արձանագրուի այն բազմաթիւ սուրբերու ու երանելիներուն մատեանին մէջ, որ ան անձամբ արձանագրած էր իր քահանայապետութեան 27 տարիներուն ընթացքին, յիշելով քրիստոնեաներու կոչումը` սրբութեան։ Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր անդամները, կղերն ու աշխարհականները, կը քալենք դէպի երկնային հայրենիք, ուր մեզ կանխեցին Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ու երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։ 

Անոր քահանայապետութեան զինանշանը եղաւ “Totus tuus”՝՝ ( ամէն ինչս քեզի է եւ ինչ որ իմս է քեզի է)  ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ''կ'ուզեմ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ` ինծի շնորհած այս մեծ պարգեւին համար, որ կարելութիւնը  ընծայուեցաւ ՅՊԲ.ի հետ  երկար տարիներ գործակցելու''։ 

Ան կարողացաւ արտակարգ օրէն ապրիլ իր քահանայական ու եպիսկոպոսական կոչումը, դառնալով այլ ոմն Քրիստոս, որ ամէն օր կ՛ընդունէր ու կ՛ընծայէր Ս. Զոհին ընթացքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր քարոզը փակեց բացագանչելով. ''Երանի քեզի, սիրեցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որովհետեւ հաւատացիր։ Շարունակէ մեզի օգնութեան հասնիլ երկինքէն եւ ամրապնդել Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը։ Ամէն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.